2008-10-21 13:36:51

2008 – Քրիստոնէականի ուսուցման տարին`Եկեղեցին եւ Հաւատացեալները


176- Ի՞նչ է առաքելական յաջորդութիւնը։

Առաքելական յաջորդութիւնը Կարգի սուրբ Խորհուրդին միջոցով Առաքեալներուն առաքելութեան եւ իշխանութեան փոխանցումն է անոնց յաջորդ Եպիսկոպոսներուն։ Այս փոխանցումին շնորհիւ՝ Եկեղեցին իր ծագումին հետ հաւատքի եւ կեանքի հաղորդակցութեան մէջ կը մնայ, իսկ դարերու ընթացքին իր ամբողջ առաքելութիւնը կը դասաւորէ ի սպաս Քրիստոսի Թագաւորութեան աշխարհի վրայ տարածումին։

Հաւատացեալները Նուիրապետութիւն, աշխարհականներ, ուխտեալ կեանք

177-Որո՞նք են հաւատացեալները։

Հաւատացեալները անոնք են, որոնք իրենց Մկրտութեամբ Քրիստոսի մարմինին մաս կազմելով՝ Աստուծոյ Ժողովուրդին անդամ դարձած են։ Անոնք Քրիստոսի քահանայական, մարգարէական եւ թագաւորական պաշտօններուն մասնակից դառնալով՝ ըստ իրենց գոյավիճակին, Աստուծոյ կողմէ կանչուած են Եկեղեցիին յանձնուած առաքելութիւնը կատարելու։ Անոնց միջեւ իսկական հաւասարութիւն մը կը տիրէ՝ Աստուծոյ զաւակներու իրենց արժանապատուութեան պատճառով։

178-Աստուծոյ Ժողովուրդը ինչպէ՞ս կազմուած է։

Աստուածային հիմնադրութեամբ՝ Եկեղեցւոյ մէջ նուիրեալ պաշտօնատարներ կան, անոնք Կարգի սուրբ Խորհուրդը ընդունած են եւ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան մաս կը կազմեն։ Միւսները՝ աշխարհականներ կոչուած են։ Այս երկու դասակարգերէն յառաջ եկած են ուրիշ հաւատացեալներ, որոնք իրենք զիրենք Աստուծոյ յատուկ կերպով նուիրած են աւետարանական խրատներու դաւանութեամբ կուսակրօնութեամբ, աղքատութեամբ եւ հնազանդութեամբ։

179-Ինչու՞ Քրիստոս եկեղեցային նուիրապետութիւնը հաստատեց։

Քրիստոս եկեղեցային նուիրապետութիւնը հաստատեց Աստուծոյ Ժողովուրդը Իր անունով հովուելու առաքելութեամբ, որուն ի սպաս՝ այս իշխանութիւնը անոր յանձնեց։ Նուիրապետութիւնը կը բաղկանայ նուիրեալ պաշտօնատարներէ Եպիսկոպոսներէ, քահանաներէ, սարկաւագներէ։ Կարգի սուրբ Խորհուրդին զօրութեամբ, Եպիսկոպոսներն ու քահանաները իրենց պաշտօնատարութիւնը կը կատարեն Քրիստոս-Գլուխի անունով եւ Անձով։ Սարկաւագները Աստուծոյ Ժողովուրդին կը ծառայեն իբր սպասարկուներ խօսքին, ծիսակատարումին եւ սիրոյ գործադրութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.